2016-10-11 10:51:00

Նորանշանակ կարդինալ Հայր էրնեսթ Սիմոնի` Կարդինալ անուանումս Աստուծոյ անակնկալն է։


(Ռատիօ Վատիկան) 2014-ի սեպտեմբեր 21-ին աշխարհը առաջին անգամ ըլլալով կը ճանչնար Հայր էրնեսթ Սիմոնին` երբ ան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Թիրանա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին ներկայացուց համայնավարութեան բռնատիրութեան ընթացքին ապրած իր անձնական կեանքի վկայութիւնը` բանտ, խոշտանգ, հարկադիր աշխատանք, ու մահուան դատապարտում…եւ այս բոլոր փորձանքներուն ընթացքին հայր էրնեսթ իր բոլոր կեանքը վստահեցաւ Յիսուսին ու կարողացաւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։

Կիրակի 9 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին հռչակուած 17 կարդինալներու շարքին էր նաեւ գրեթէ 90 ամեայ հայր էրնեսթ Սիմոնին` անակնկալ մը որ Ալպանացի քահանան իմացաւ հեռատեսիլէն երբ կը ուղիղ եթերով կը հետեւեր Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին որուն ընթացքին լսեց նաեւ իր անունը։ Այս մէկը. ըսաւ Հայր Էրնեսթ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ու անոր ամենասուրբ Մօր գործն ու արժանիքն է։

''Ես աղքատ միսիոնար մըն եմ որ ամէն օր կ՛աղօթեմ որպէսզի Յիսուսի սէրը ներկայ ըլլայ բոլոր մարդոց սրտին մէջ''։

Սրբազան Քահանայապետին այս անուանումը պարգեւ է համայն Ալպանիցիներուն որոնք տարիներ ամբողջ չարչարուեցան ու հալածուեցան իրենց հաւատքին ու Յիսուսը վկայելու համար ըսաւ Հայր Էրնեսթ վերահաստատելով թէ պատահածը մեծ անակնկալ մըն է։ Ես հինգ անգամ մահուան սեմին գտնուեցայ, սակայն Աստուած միշտ ազատեց զիս։ Յիսուսը ազատեց զիս` միայն Յիսուսը, որ է անհուն սէր մեզի համար – նշեց միշտ նորանշանակ Կարդինալ Հայր Էրնեսթ Սիմոնի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.